2014-09-03 09:11:16

Հարաւային Ափրիկէն կ`արգիլէ Քահանայապետի Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագի պատկերասփռումը։


Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը բողոքած է Հարաւային Ափրիկէի կառավարութեան դէմ, որ վերջերս յայտնած է իր կամքը` արգիլել Քահանայապետի ճրագալոյցի պատարագի սփռումը Հարաւային Ափրիկէի կառավարական հեռուստատեսիլներէն։
Հարաւային Ափրիկէի եպիսկոպոսները կը հակառակին այդ որոշումին մատնանշելով որ հանրային հեռուստատեսիլը կը բանի շնորհիւ բնակիչներու դրամական մասնակցութեան։
Նշենք որ Հարաւային Ափրիկէի կաթողիկէները կը հաշուեն երկրի բնակչութեան 7 տոկոսը։ ‘The Southern Cross’` օրաթերթը միանալով այլ օրաթերթերու, խստիւ կը դատապարտէ կառավարութեան որոշումը ընդգծելով որ հանրային հեռուստատեսիլը պարտականութիւն ունի իր նպաստը բերելու Հարաւային Ափրիկէի կաթողկէ հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.